2011-01-24 13:46:50

Սուրբ ֆրանչիսկոս Սալէս` Կաթողիկէ Լրատուամիջոցներու Պաշպան Սուրբին Տօնը։


Այսօր տօնն է Սուրբ ֆրանչիսկոս Սալէսի` Եկեղեցւոյ եպիսկոպոս եւ Վարդապետ` Կրօնաւորական Միաբանութեան հիմնադիր եւ Կաթողիկէ լրատուամիջոցներու պաշպան սուրբին։
Այս Տօնին առթիւ լոյս կը տեսնէ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Ընկերային Հաղորդակցութեան Միջոցներու միջազգային 45րդ օրուայ պատգամը որ պիտի տրուի յառաջիկայ 5 յունիսին ( 2011) եւ որուն խորագիրն է <<Ճշմարտութիւն, իսկական կեանքի աւետումը տիճիդալ դարաշրջանին>>։
Այս առթիւ առաւօտեան ժամը 9.30ին Ընկերային Հաղորդակցութեան Միջոցներու Քահանայապետական խորհուրդի Նախագահը՝ Գլաուտիօ Մարիա Արք. Չելլի Սուրբ Պատարագ կը մատուցէ Հռոմի <<Թրասբոնդինա>> Պազիիլիքայի մէջ։ Նշենք թէ պատարագի երգեցողութիւնը կը կատարէ Ռատիովատիկանի երգչախումբը ղեկավարութեամբ՝ Քոյր Պէադրիչէ Մանաբարամբիլի որ է նաեւ Ռատիովատիկանի Ծիսական Բաժնի պատասխանատուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.